2016-09-15 13:35:00

Վատիկանեան հարցերով զբաղող լրագրողներու շնորհակալութիւնը` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 15 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Վատիկանի Սանդ Աննա եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ գոհաբանական ս. Պատարագ, զոր նախագահեց Վատիկանի մշակոյթի խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Թիկէ, առընթերակայութեամբ Հայր Լուչիօ Ռոյցի եւ Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի,  նուիրուած Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին որ անցեալ 31 յուլիս 2016-ին, տասը տարուայ նուիրեալ աշխատանքէ ետք աւարտեց իր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը։

Սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէնը նշեց թէ սուրբ զոհը գեղեցիկ առիթ է տօնախմբութեան, միասին համախմբուիլ աղօթելու համար։ Ան ապա մեկնաբանելով օրուան սուրբ Աւետարանը նշեց թէ իրեն համար յատուկ նշանակութիւն ունի Յիսուսին խոցուած սրտի պատկերը որ մեզի կեանք կը պարգեւէ­, որովհետեւ ան նշան է ծառայութեան ի սպաս բոլորին։

Հայր Լոմպարտի ապա հրաւիրեց աղօթել Տիրոջ ու Սուրբ Կոյսին, որ մնաց Խաչին ոտքին, որպէսզի առաջնորդեն մեր քայլերը ու մեր աշխատանքը։

Պատարագի աւարտին խօսք առաւ նաեւ ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' Յիսուսեաններու պարբերաթերթին տնօրէնը Հայր Անթոնիօ Սփատարօ անդրադառնալով Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յատկանշող երեք կէտերու վրայ. մարդոց նկատմամբ հոգածութիւն, հիմնականը եւ մարտահրաւէրներու դիմաց ճկունութիւնը։ 

Սրբազան արարողութեան աւարտին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի փոքրիկ հանդիպութիւն որուն ընթացին լրագրողները շնորհակալութիւն ուզեցին յայտնել Հայր Լոմպարտիին­, անոր համբերութեան ու նուիրումին համար­, նոյնիսկ դժուար ու նուրբ ժամանակներու ընթացքին։

Ապա խօսք առաւ Հայր Լոմպարտին ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն անոնց մաղթելով բարի աշխատանք ապա խօսքը աւարտեց ըսելով. Աշխատանքս վերջացաւ սակայն կը մնանք բարեկամներ ու մօտիկներ։ Շնորհակալութիւն ամէն բանի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.